ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ » ՀԱՅԿԱԿԱՆ
Մարտ 15, 2013
Արժանթինահայերը ուրախութեամբ կ՛ընդունին Հռոմի նոր պապին ընտրութեան լուրը
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ արժանթինահայերը ուրախութեամբ կ՛ընդունին Հռոմի նոր պապին ընտրութեան լուրը. Արժանթինի կարտինալ Խորխէ Պերկոլիոն միշտ բարեկամական կապեր ունեցած է տեղւոյն հայ համայնքին հետ եւ մասնակցած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած եւ հայկական այլ ձեռնարկներու:
7 տարի առաջ կարտինալը հրապարակաւ Թուրքիայէն պահանջած է առանց նախապայմաններու ընդունիլ ցեղասպանութեան փաստը: Այս հարցին անդրադարձած է նաեւ թրքական «էնսոնհապեր» կայքէջը, որ կ՛ընդգծէ, թէ 2006-ին Պուէնոս Այրեսի կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ մասնակցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան` կոչ ուղղելով Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Հայոց ցեղասպանութիւնը անպայման պէտք է ճանչցուի` իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայ ժողովուրդի եւ մարդկութեան դէմ գործուած սարսափելի յանցագործութիւն», ըսած է ան:
Միւս կողմէ, Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Վատիկանի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի յայտարարած է, որ Ֆրանչիսկոս Ա. պապի գահակալութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Յովսէփի տօնին օրը` երեքշաբթի, 19 մարտին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
Հռոմի նոր պապի ընտրութեան վերաբերեալ արժանթինահայութեան արձագանգին եւ գնահատականներուն համար «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկիրն այսօր» հաղորդումը զրոյց ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի հետ` ուղիղ կապ հաստատելով Արժանթին:
Նալպանտեան ընդգծեց, որ կարտինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիօ մօտիկ յարաբերութիւններ ունեցած է Պուէնոս Այրեսի հայկական բաւական ազդեցիկ համայնքին հետ եւ առիթներ ունեցած է մասնակցելու համայնքային ձեռնարկներուն: