ՆՈՐՈՒԹՅՈՒՆՆԵՐ » ԿԻՊՐԱԿԱՆ
Յուլիս 10, 2013 à MARI par ARTSAKANK
Թէ՛ յուսախափութիւն, թէ՛ զարմանք եւ թէ՛ զայրոյթ
Ըստ Մարիի զոհերու պարագներու կատարած ելոյթներուն, Դատարանի երէկուայ որոշումը թէ՛ յուսախափութիւն, թէ՛ զարմանք եւ թէ՛ զայրոյթ պատճառած է իրենց։ Բոլորը յայտարարեցին թէ արդարադատութեան պէտք էին հրաւիրուիլ նաեւ այլ անհատներ։
Օրուայ արտաքին գործոց նախարար Մարքոս Կիպրիանու ազատ արձակուեցաւ որովհետեւ կը հետեւէր օրուայ նախագահ Տիմիթրիս Խրիստոֆիասի քաղաքականութեան։
Կիպրական Բանակի օրուայ Փոխ-Հրամանատար Սավաս Արղիրու ազատ արձակուեցաւ որովհետեւ կը հետեւէր Բանակի օրուայ Հրամանատար Պետրոս Ցալիքիտիսի որոշումներուն։
Զոհերէն Միխալիս Իրակլէուսի այրի՝ Մարիա Իրակլէուս ըսաւ, թէ Պետրոս Ցալիքիտիս Յունաստան կը գտնուի եւ կ'ենթադրէ թէ հոն պիտի դատուի եւ աւելցուց, թէ Տիմիթրիս Խրիստոֆիաս չներկայացաւ Դատարան եւ երբ ան կը հեռանար Հանրապետութեան նախագահի իր պաշտօնէն, փորձ կատարուեցաւ, որ անձնական գետնի վրայ դատական գործ սկսուի իր դէմ, սակայն պետական Իրաւական Սպասարկութեան կողմէ՝ որոշ արգելքներու դէմ հանդիման գտնուեցան։ Այսպէս, ըսաւ տիկին Իրակլէուս, սպասեցինք որ ամբողջանայ դատական գործընթացը եւ հիմա, պիտի շարունակենք մեր ջանքերը։
Պաշտպանութեան Նախկին նախարար Կոստաս Պապակոստասին համար, որ յանցաւոր դատուեցաւ, Իրակլէուս յայտնեց թէ ան կը գտնուի յառաջացած տարիքի մէջ եւ կը դիմագրաւէ առողջապահական լուրջ խնդիրներ, ուստի՝ դժուար պիտի ըլլայ զայն բանտարանին մէջ կալանքի տակ պահելը։